2011-11-19 12:53:24

Պենան` Տօնական Մթնոլորտին Մէջ Ընդունեց Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը։


Մինչ Պենետիկտոս ԺԶ Քահնայապետի ինքնաշարժը կ՝անցնէր երկրին տնտեսական մայրաքաղաք` Գոթոնու-ի պողոտաներու վրայ, Սրբազան Հայրը, տեղւոյն բնակչութեան կողմէ ծափողջուներով ընդունուեցաւ։
՜՜Գթութեան Տիրամօր՝՝ նուրիուած աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Նորին Սրբութիւնը տօնական մթնոլորտին մէջ հիւրընկալուեցաւ։ Արարողութեան ներկայ էին հանրապետութեան նախագահը եւ անոր կողակիցը, նաեւ՝ երկրին քաղաքական ու եկեղեցական աւագանին։ Գոհութեան աղօթքէն անմիջապէս ետք, Նորին Սրբութիւնը մեծարեց յիշատակը Տիրոջ այգիի մշակներուն եւ ընդգծեց գերապայծառ Իսիտոր Սուզայի վճռական դերը, երկրին համայնավարութենէն դէպի հանրավարութեան անցքը։ Հուսկ Սրբազան Հայրը հայցեց Ափրիկէի Տիրամայրէն որ իր հովուանիին տակ առնէ Ափրիկէի նոր սերունդը, որ ծարաւ է արդարութեան, խաղաղութեան ու հաշտութեան. ինչպէս նաեւ՝ որ խնդրեց իր մայրական հայացքը ուղղէ անօթութեան ու պատերազմի զոհ մանուկներուն։
Նախապէս թեմի առաջնորդը գերապայծառ Գանիէ, բարիգալուստի ուղերձ արտասանեց որուն մէջ, վերակոչեց մեծ դերը ափրիկեան առաքելութեան ընկերութեան հայրերուն, որոնք Աստուծոյ խօսքը տարածեցին 1861էն սկսեալ, մատնանշելով որ այդ ուղղութեամբ տակաւին շատ բան կայ ընելիք, քանի որ երկրին բնակչութեան մեծ մասը կը հետեւի հոգեպաշտ կրօնքին։
Իր արտասանած առաջին ճառին մէջ, նորին Սրբութիւնը մատնանշեց իր առաքելական ճամբորդութեան եռեակ նպատակները` երկրին աւետարանութեան 150 ամեակը, առաքելական յորդորագրի յանձնումը եւ երրորդ նպատակը, որ աւելի անձնական ու զգացական է` իր ունեցած սերտ բարեկամութիւնը այս հողի զաւակ կարտինալ Կանթանի հետ, որ միասին կարտինալական աստիճանը ստացան 1977-ին։ Ապա նորին Սրբութիւնը ընդծեց թէ կարելի չէ հիմնել արդի երկիր մը մոռնալով անոր անցեալը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.